2013-10-17 12:04:12

''Աւետարանութեան նոր մարտահրաւէրները'' նիւթով ` գիտաժողով մը ֆրանսայի Մանս քաղաքին մէջ։


Հոկտեմբեր 18-20 ֆրանսայի Մանս քաղաքին մէջ տեղի կ'ունեայ ''Աւետարանութեան նոր մարտահրաւէրները'' նիւթով գիտաժողով մը։
Հաւատքի գիտաժողովը կը գլխաւորէ թեմի առաջնորդը գերապայծառ Լը Սօ, իսկ աշխատանքներուն կը մասնակցին գերապայծառ Ռինօ ֆիզիքելլա` նախագահը նոր աւետարանութեան քահանայապետական խորհուրդին, Միլանօ թեմի առաջնորդը կարտինալ Սգոլան եւ Փարիզի առաջնորդը Կարտինալ Վէնդրուա։
Հաւաքին յայտագիրը կը նախատեսէ առաքելութեան մասին նախաձեռնութիւններ, բանակցութիւն Ալճերիոյ Թիպիրինի կրօնաւորներու նահատակութեան մասին պատրաստուած վաւերաթուղթի շուրջ, ինչպէս նաեւ աղօթքի հսկում ձեռնարկուած Թեզէի կրօնաւորական հասարակութենէն։
Կիրակի 20 հոկտեմբերին մատուցուելիք պատարագին ընթացքին հսկայական խաչելութիւն մը պիտի բարձրացուի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.